H.E. Archbishop Shahan Sarkissian, Prelate of Aleppo & H.E. Archbishop Moushegh Mardirossian Visit Chamlian

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր կ'ընկերակցէին Թեմիս Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Առաջնորդական փոխանորդ՝ Տէր Թորգոմ Ծայրագոյն Վարդապետ Տօնոյեանը եւ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Քէնտիրճեանը:
Վարժարանիս Տնօրէնուհին Դկտր. Թալին Քարկոտորեանը եւ փոխ տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեանը դիմաւորեցին հիւրերը, ապա ուղղուեցան մարզասրահ, ուր հաւաքուած էին միջնակարգ բաժինի աշակերտները:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ը. կարգի աշակերտուհի եւ Հայկական Ակումբի ատենապետուհի՝ Նայիրի Գալինճեանը: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, շեշտեց որ Շամլեանի աշակերտները որքա՛ն ալ հեռու ըլլան Սուրիահայ գաղութէն, մի՛շտ պատրաստ են օգնութեան ձեռք մեկնելու իրենց հայրենակիցներուն:
Աշակերտները յաջորդաբար՝ երգով, նուագով եւ ասմունքով հիւրերը մեծարեցին, անգամ մը եւս հաստատելով օտար ափերու մէջ վարժարանիս հայապահպանման օրրան մը ըլլալու վսեմ առաքելութիւնը:
Ապա խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Դկտր. Թալին Քարկոտորեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց հիւր Սրբազան Հօր, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իր սուղ ժամանակը տրամադրելով, կ'այցելէ մեր վարժարանը՝ Սուրիահայ աշակերտներուն ողջոյնն ու երախտագիտութիւնը փոխանցելու:
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը իր խօսքին մէջ վեր առնելով հաւատքին կարեւորութիւնը վերակառուցման գործընթացին մէջ, ըսաւ.«Վերակառուցումը ժամանակի եւ դրամի պէտք ունի, այո՛, բայց աւելի՛ հաւատքի պէտք ունի: Եթէ հաւատանք , յաջողութիւնը կը հետեւի մեզի»: Սրբազան հայրը շնորհաւորելով աշակերտներուն Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, իր պատգամը աւարտելով ըսաւ. «Սուրիահայ աշակերտներուն սիրոյ ողջոյնը, սիրոյ համբոյրը շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը փոխանցեմ ձեզի: Աստուած օրհնէ ձեզ:»
Ձեռնարկի աւարտին, Վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Դկտր. Թալին Քարկոտորեանը բեմ հրաւիրեց Թեմիս Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Տէր Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, որպէսզի իր հայրական խօսքը փոխանցէ: Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեր վարժարանը ապահով պայմաններու մէջ կը գործէ եւ աւելցուց, որ պարագան նոյնը չեղաւ սուրիահայ աշակերտներուն համար, որոնք ստիպուեցան պատերազմի տարիներուն, դժուար պայմաններու մէջ դպրոց յաճախել եւ ուսում ստանալ, բայց չմոռցան երախտագիտութիւն յայտնել իրենց մասին մտածող եւ օգնութեան ձեռք մեկնող աշակերտներուն: Խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տօնական օրերու առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Շամլեան Ընտանիքին:
Յայտագիրը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր Պահպանիչով: