Annual Cultural Day!

Մշակոյթի Փառատօնը Շամլեան Ազգային Վարժարանէն Ներս

Կիրակի, Նոյեմբեր 4ի առաւօտեան, Շամլեան Ազգային վար-ժարանը իր դուռները լայն բացած էր Հայկական Մշակոյթին նուիրուած եւ աւանդութիւն դարձած տարեկան տօնախմբութեան համար:

Վարժարանին մէջ եռուզեռ մը կար: Տօն էր: Մեր Մշակոյթի տօնը:

Աշակերտներուն խանդավառութիւնը անսահման էր: Անոնք իրենց սորված ոտանաւորներն ու երգերը, ներկայացումներն ու թատերա-խաղերը ծնողներուն եւ հարազատներուն պիտի ներկայացնէին:

Բոլոր կարգերու աշակերտները մեր մշակոյթէն ներկայացուցին պատառիկներ, որոնք նուիրուած էին Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակին, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան100 ամեակին եւ մեր դարաւոր մշակոյթը կերտողներուն: Անոնք ուխտեցին լա՛ւ սորվիլ մայրենի լեզուն եւ պատմութիւնը ու արժանի ժառանգորդները ըլլալ մեզի փոխանցուած հարուստ մշակոյթին:

Ծնողները իրենց ծափերով քաջալերեցին եւ գնահատեցին աշակերտները: Վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս միշտ՝ հպարտ էին հայրենասէր աշակերտներով:

Շամլեան վարժարանի աշակերտները ամգամ մը եւս հաստատեցին, որ հայ դպրոցն է հայը հա՛յ պահող եւ ապագայի հայ սերունդը կերտող դարփնոցը: