Vania Babikian » Mrs. Vania Babikian

Mrs. Vania Babikian

Լեզուն ո՛չ միայն ազգը բաղկացնող անդամներուն միջեւ հաղորդակցութեան կենդանի կապ է, այլ նաեւ՝ ազգի մը հաւաքական ինքնակերտումին ու ինքնարտայայտութեան ամէնէն զօրեղ ազդակներէն մէկը։ Հետեւաբար, իր իւրայատուկ հնչականութեամբ, շարահիւսութեամբ ու ոճով, լեզուն, որոշ իմաստով, կ’արտացոլացնէ ազգի մը նկարագրային իւրայատուկ գիծերը, անոր ներքին տագնապները, երազներն ու մաքառումները։     Արամ Ա․ Կաթողիկոս    
 
Ազգիս ծառայելը հայկական կազմակերպութիւններու միջոցով, եղած է ընտանեկան հայեցի եւ քրիստոնեական դաստիարակութեանս կարեւոր կռուաններէն մին։
 
Անունս Վանիա Պապիկեան է, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանէն շրջանաւարտ եմ, կը կրեմ Պսակաւոր Արուեստից վկայական  Տնտեսագիտութեան մէջ Հալէպի Համալսարանէն, ինչպէս նաեւ Պսակաւոր Արուեստից վկայական Հայագիտութեան մէջ Մաշտոց Քոլէճէն եւ Վկայական՝ «Պո-Արաքս» Մշակութային Ընկերակցութեան՝ Հայ լեզուի եւ մշակոյթի Վենետիկեան ամառնային խտացեալ դասընթացքէն / Վենետիկ-Իտալիա Գրականութեան հանդէպ սէրս ու հետաքրքրութիւնս ընդհանրապէս եւ հայ գրականութեան հանդէպ մասնաւորապէս, մղեցին զիս իրականացնելու նպատակս՝ ստանալով Մաշտոց Քոլէճէն Հայագիտութեան վկայական եւ զայն ի գործ դրի հայ աշակերտին հայեցի դաստիարակութեան եւ մայրենի լեզուի ուսուցման առաքելութեան մէջ։
 
2017 էն սկսեալ կը պաշտօնաւարեմ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանէն ներս, որպէս հայերէն լեզուի դասատու։  Նախասիրութիւններս են՝ Ընթերցանութիւն, մարզանք, կամաւոր ծառայութիւն ինչպէս նաեւ զարգացնել հայերէն լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայկական աւանդութիւններու գիտելքներս հայ աշակերտներուս մասնակցութեամբ ստեղծելու հետաքրքրութիւն  հանդէպ իրենց հայկական ինքնութեան։

Վերոյիշեալ Աստուածաշունչի տողերը կ՛առաջնորդեն զիս, դիմագրաւելու կեանքի մարտահրաւէրները եւ կը մղեն դրական ներդրումով սատարելու հայ գաղութիս։
 
Serving the Armenian community through cultural and educational organizations has been a cornerstone of my Armenian and Christian upbringing. I hold a B.A. in Business Administration from Aleppo, Syria, a B.A. in Armenian Studies from Mashtots College in Los Angeles, and a certificate from the “Po-Araks” Cultural Association’s intensive summer program in Armenian language and culture in Venice, Italy. My deep love for literature, especially Armenian literature, inspired me to pursue Armenian Studies and dedicate my career to fostering Armenian education. I currently serve at Chamlian Armenian School as an Armenian language teacher for grades 5 and 6. Outside the classroom, I enjoy reading, exercise, and volunteer service, and I am committed to engaging my students in exploring the Armenian language, culture, and traditions to strengthen their connection to their heritage. Guided by the verse “I can do all things through Christ who strengthens me” (Philippians 4:13), I approach life’s challenges with faith and a desire to make a positive impact on my community.