Ms. Sevan Madian
2025-2026 ուսումնական տարեշրջանին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանէն ներս կը պաշտօնավարեմ: Որպէս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի առաքելութիւն կը զգամ հայ պատանիին նկարագիրի կերտման կարեւոր ժամանակաշրջանին՝ փոխանցել անոր հայեցի դաստիարակութիւն, մայրենի լեզուի եւ գրականութեան հմտութիւն, հայոց պատմութիւն... հաւատալով, որ հայ պատանին, երբ լաւապէս իմանայ իր ինքնութիւնը, կառչած պիտի մնայ իր արմատներուն եւ պիտի դառնայ ազգային պատկանելիութեամբ հպարտ ու ինքնավստահ երիտասարդ:
Դպրոցն ու ուսումնակրթական կեանքը յաճախ առաջնահերթ տեղ գրաւած են նախասիրութիւններուս մէջ, այս պատճառով ունեցած եմ երկարամեայ ծառայութիւն Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի խնամակալութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ուսումնական խորհուրդի կազմերէն ներս: Ուսուցչական պաշտօն վարած եմ Հալէպի ճարտարապետական համալսարանէն ներս:
Ուսումնական կրթութիւն.
- երկրորդական ուսում՝ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան/ Հալէպ
- Պսակաւոր արուեստից ճարտարապետութեան վկայական՝ Հալէպի պետական համալսարան:
- Հայագիտութեան վկայական՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայագիտական բաժանմունք/ Պէյրութ
As an Armenian language teacher, I consider it my mission during this important stage in a young Armenian’s character formation to impart an Armenian upbringing, proficiency in the mother tongue and literature, and knowledge of Armenian history, believing that when a young Armenian truly knows their identity, they will remain connected to their roots and grow into a proud and confident individual with a strong sense of national belonging.