Mrs. Arpi Dabbaghian

Անունս Արփի Տապպաղեան է:
 
Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Շրջանաւարտ եմ: Հայագիտութեան վկայականս ստացած  եմ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի Հայագիտական ամպիոնէն:
 
Ուսուցչական ասպարէզս սկսած եմ Հալէպի «Զաւարեան» Ազգային վարժարանէն: Լոս Անճելըսի մէջ երկար տարիներ պաշտօնավարած եմ Մխիթարեան հայրերու վարժարանէն ներս՝ դասաւանդելով  Հայերէն Լեզու, Հայոց Պատմութիւն, ինչպէս նաեւ բեմադրած աշակերտական թատրոններ:
 
Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանէն ներս՝ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգերու Հայերէն լեզու, Հայոց Պատմութիւն եւ Կրօն կը դասաւանդեմ, ինչպէս նաեւ սոյն կարգերուն ղեկավար ուսուցչուհին եմ:
Մեծ հաճոյքով կը ղեկավարեմ նաեւ Շամլեան վարժարանի յետ դպրոցական «Հայկական Թատերախումբ»ը: Շատ կը սիրեմ հայկական թատրոնը, երգը եւ պարը:
 
Քրեսենթա Հովիտի շրջանին մէջ, երկու տասնամեակներէ ի վեր գործող «Զաւարեան» ամառնային ճամբարէն ներս Տնօրէնուհիի պաշտօն կը վարեմ: Կը սիրեմ կարդալ, ստեղծագործել եւ նորարարութիւններ բերել՝ յարմարելով ներկայ սերունդի  պահանջքներուն, որպէսզի կարենամ աշակերտներուս հաճելի եւ մատչելի ձեւերով  հայերէն լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները փոխանցել, որպէսզի անոնք հայերէնը սիրով սորվին եւ հայօրէն ապրի՛ն: 
 
«Մշակոյթը ժողովուրդի հոգին է, որ դարերէն անցնելով իր սերունդները կը կերտէ»:
 
My name is Arpi Dabbaghian. I am a graduate of an Armenian high school in Aleppo and hold a Certificate in Armenian Studies. I began my teaching career in Aleppo and later continued my work in Los Angeles, teaching Armenian Language and History and directing student theatrical productions. I currently teach Armenian Language, Armenian History, and Religion to primary grade students, also serving as a lead teacher. I have the great pleasure of directing an after-school Armenian Theater Group, as I deeply love Armenian theater, music, and dance.
 
For over two decades, I have also served as the Director of the Zavarian Summer Camp in the Crescenta Valley area. I enjoy reading, creating, and bringing innovative ideas to my work—adapting to the needs of today’s generation so I can share the Armenian language, culture, and traditions with my students in ways that are both engaging and accessible.