Mrs. Hasmig Demirjian-Cozanian

Բարձրագոյն ուսումս ստացած եմ Հալէպի Տնտեսագիտական Համալսարանէն: Մասնագիտական աշխատանքիս կողքին, երկար տարիներ ծառայած եմ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդէն ներս։2012-էն սկսեալ Շամլեան Ազգային Վարժարանէն ներս, տարբեր կարգի աշակերտներու, մայրենի լեզու, պատմութիւն եւ կրօն կը դասաւանդեմ։ Մայրենի լեզուի, գրականութեան եւ  հարուստ մշակոյթի հանդէպ սէրս ու յարգանքս մշտապէս եղած են ներշնչման աղբիւրներ։ Աշակերտներուս հայերէն լեզուն, պատմութիւնը, աւանդութիւններն ու ազգային արժէքները կը փոխանցեմ, որպէսզի հայերէնը մնայ իրենց առօրեայ կեանքի կենդանի ու շնչող հարազատ մասնիկը:
 
Նախասիրութիւններ
Ճամփորդել, ընթերցել, դաշնամուր նուագել եւ քալել։
 
Կրթութիւն
  • B.A. in Business and Economics - Հալէպի Համալսարան
  • «Խաչատուր Աբովեան» վկայագիր - Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարան
  • Արեւմտահայերէնի Ժամանակակից Ուսուցման Դասընթացք - INALCO
  • Արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիր -  Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն
 
For over a decade, I have had the privilege of teaching Western Armenian language, Armenian history, and religion at Chamlian. My lifelong passion for education, the Armenian language, and our rich cultural heritage continues to inspire my work every day. I strive to cultivate in my students not only a strong command of the language, but also a deep appreciation for our history, values, and traditions, ensuring that Armenian becomes a living and vibrant part of their daily lives. Beyond my work at Chamlian, I cherish time spent with family and friends. I have a deep appreciation for travel and the opportunity to explore new places and cultures. In my leisure time, I enjoy cooking, playing the piano, walking and reading, activities that nourish both creativity and well-being.