Celebrating Our Annual Cultural Day Event

Առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30, վարժարանիս «Յակոբ եւ Հիլդա Բաղդասարեան» մարզասրահին մէջ, ծնողներու, Շամլեան մեծ ընտանիքի անդամներու ներկայութեան Մանկապարտէզ/ Նախակրթարան-8րդ կարգերու աշակերտները ներկայացուցին հայկական մշակոյթէն նմոյշներ՝ ասմունք, երգ, պար եւ թատերախաղ:  

Ներկաները առիթ ունեցան ճաշակելու հայկական համադամ ուտեստեղէններ  եւ վայելելու հայկական տոհմիկ երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ այցելելու շրջափակին մէջ զետեղուած հայկական իրեր վաճառող կրպակները:

Ելոյթներուն մեծամասնութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 100ամեակին: Դպրոցի շրջափակը զարդարուած էր կարմիրկապոյտ եւ նարնջագոյն ժապաւէններով

Սոյն գեղարուեստական յայտագիրը կազմակերպուած էր վարժարանի հայկական բաժանմունքի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ: 

 Ամբողջ օրուան տեւողութեան տեղի  ունեցող ձեռնարկները կ'ապացուցեն  հայ դպրոցի առաքելութեան հիմնական նպատակը՝ հայ մշակոյթն  ու ժառանգութիւնը  պահպանելու եւ նոր սերունդին փոխանցելու կարեւորութիւնը

«Մշակոյթի Փառատօն»ը կազմակերպուած էր դպրոցի հայկական բաժանմունքին եւ 

Ծնողաօժանդակ Մարմինին կողմէ: Այս առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը յատուկ 

շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայերէնի բաժանմունքի ուսուցիչներուն, Ծնողաօժանդակ 

Մարմինին, ծնողներուն եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնց սիրայօժար աշխատանքին եւ 

անսակարկ նուիրումին շնորհիւ այս տարի եւս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

 

Վարժարանի թղթակից

 

Sunday, October 29th, 2017 marked the date for Chamlian Armenian School’s annual Cultural Day. Students, families and friends enjoyed a day full of student performances, festivities, food, shopping, and entertainment on the school campus.

The all-day event highlighted the school’s commitment to the preservation and promotion of the Armenian culture and heritage. On the play yard there were booths where one could buy Armenian themed items and foods. Inside the gym, students awed the audience with their beautiful performances which included singing, dancing, recitation, and short-plays. This year, most of the performances were dedicated towards the 100 year Anniversary of Armenian Independence. Chamlian's dedicated Armenian Department teachers worked diligently to prepare their students for this memorable exhibition of Armenian pride and culture.

The Administration extends a special thank you to its dedicated Armenian Department teachers, the Parent Support Committee Cultural Day Committee members, and all the parents who volunteered their time and talent. Their collaborative efforts helped make this a truly successful event.